2014-03-07 09:20:10

Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքը հրաւիրուած` Սուրբ Երկրին մէջ հանդիպելու Ֆրանչիսկոս Պապին։


Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի յառաջիկայ մայիս 24 – 26 2014, Սուրբ Երկիր կատարելիք հովուական ուխտագնացութեան առթիւ, անցեալ 19 փետրուար 2014-ին, Կաթողիկէ հայոց Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Պատրիարք` գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ, պաշտօնական հրաւէր մը ստացաւ, Սուրբ Երկիրի Կաթողիկէ Եկեղեցիներու Խորհուրդէն՝ մասնակցելու այդ ուխտագնացութեան եւ հանդիպելու Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ։
Այս մասին կը հաղոդէ` Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական կայքէջը յայտնելով թէ ''ընդառաջելով վերոյիշեալ հրաւէրին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ հանդիսաւոր սուրբ Պատարագին, որ պիտի մատուցուի Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին նախագահութեամբ եւ Արեւելքի կաթողիկէ պատրիարքներու մասնակցութեամբ, Ամմանի միջազգային մարզադաշտին մէջ, 24 մայիսի կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին: Մինչ յաջորդ օրը՝ 25 մայիսին, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը սուրբ Պատարագ պիտի մատուցանէ Յորդանանի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ'':








All the contents on this site are copyrighted ©.